«Վրաստանի դեսպանատունը, հետեւելով մեր կառավարութեան էական ջանքերուն՝ ապահովելու Սամցխէ-Ջաւախքի շրջանի եւ ամբողջ հանրապետութեան մեր բոլոր քաղաքացիներու տնտեսական զարգացումը՝ պատրաստ է աշխատելու ԱՄՆ Քոնկրեսին եւ վարչակազմին ու ամերիկեան քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու՝ ներառեալ, ի հարկէ, Ամերիկայի հայ համայնքին հետ, խրախուսելու, ուղղորդելու ամերիկեան օժանդակութիւնը, բաւարարելու Սամցխէ-Ջաւախքի աշխատատեղերու ստեղծման, ենթակառուցուածքներու, ճարտարագիտական եւ մարդասիրական կարիքները», յայտարարեց ԱՄՆի մէջ Վրաստանի դեսպան Թեմուրի Եագոպաշվիլի:
«Դեսպան Եագոպաշվիլիի եւ վրացական պաշտօնեաներուն հետ համագործակցաբար, մենք յոյս ունինք ընդլայնելու հայ եւ վրացի ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր կապերը: Նման քայլեր են Սամցխէ-Ջաւախքի տնտեսական զարգացման միտուած վրացական կառավարութեան ներդրումներուն աճը, ինչպէս նաեւ համատեղ աջակցութիւնը՝ ԱՄՆի կողմէ Վրաստանին տրամադրուող օժանդակութեան, որ կը ներառէ նպատակային օգնութիւն՝ զգալիօրէն հայերով բնակեցուած այդ շրջանին», յայտարարեց ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քէն Խաչիկեան:
Անցեալ Սեպտեմբերին Խաչիկեան այցելած էր Վրաստան եւ քանի մը հանդիպում ունեցած վրացի բարձրաստիճան ղեկավարներու եւ հայ համայնքի առաջնորդներու հետ՝ նպատակ ունենալով առաւել ուշադրութիւն սեւեռել այդ երկրին մէջ հայ համայնքի վիճակին:
ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Էլիզապէթ Չուլճեան հետ միասին Թիֆլիս եւ Ջաւախք կատարած մէկ շաբաթեայ այցելութեան ժամանակ, Խաչիկեան առիթ ունեցած էր վրացի պաշտօնատարներուն փոխանցելու ամերիկահայ համայնքին մտահոգութիւնները՝ շրջանի հասարակական-տնտեսական վիճակին եւ վրացահայ համայնքի մշակոյթի ու լեզուի պահպանման խնդիրներու մասին:
Խաչիկեան եւ Չուլճեան հանդիպած էին Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէի, մշակոյթի նախարար Նիքոլոզ Ռուռուայի, կրթութեան, արդարադատութեան, տարածքային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւններու, շրջաններու ընդելուզման եւ անվտանգութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ (վերջինս կը համակարգէր հանդիպումները):
Անոնք Վրաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Պասի, ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Ճոք Քոնելլիի եւ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ընկերակցութեան տնօրէն Ճիմ Մաքնիոլասի հետ քննարկած էին շրջանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան հարցերը:
Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները զրոյցներ ունեցած էին հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու լայն շրջանակի ներկայացուցիչներու եւ հայ եկեղեցւոյ աստիճանաւորներու հետ:
Այցին աւարտէն ետք Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները սերտօրէն կը համագործակցին ԱՄՆ պաշտօնեաներուն հետ՝ քննարկելով Ջաւախքին օգնելու ամերիկեան ծրագիրներ՝ ներառեալ պետական-մասնաւոր հատուածի համագործակցութիւնը, որ կրնայ շրջանին մէջ արտասահմանեան ներդրումներուն համար խթան հանդիսանալ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ»