
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, պատասխանելով Ջաւախքի հայութեան օժանդակութիւններ տրամադրելու կապակցութեամբ քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի մէկ հարցումին՝ պաշտօնապէս վերահաստատած է, որ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը «յատկանշական օժանդակութիւն» պիտի ցուցաբերէ Ջաւախքին: Քլինթըն նշած է, որ Ամերիկայի «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» կազմակերպութեան միջոցով վերականգնուած է Թիֆլիսը Ջաւախքին կապող մօտաւորապէս 222 […]