
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի եւ վրացական կառավարութեան միջեւ շարունակուող երկխօսութիւնը, թէ՛ Թիֆլիսի մօտ եւ թէ Ուաշինկթընի մօտ Վրաստանի դեսպանին միջոցով, նպատակ կը հետապնդէ ընդլայնել հայ-վրացական համագործակցութիւնը, աւելցնել վրացական եւ հայկական ներդրումները, ինչպէս նաեւ ընդարձակել ԱՄՆ օժանդակութիւնը՝ խրախուսելու Ջաւախքի մէջ աշխատատեղերու ստեղծումը: «Վրաստանի դեսպանատունը, հետեւելով մեր կառավարութեան էական ջանքերուն՝ ապահովելու Սամցխէ-Ջաւախքի շրջանի եւ ամբողջ հանրապետութեան […]